Donnerstag, 22. Dezember 2011

Դասաւորում

Հինգշաբթի, 03 Նոյեմբեր 2011

Թրքական դատարանը Երեքշաբթի, Նոյեմբեր 1ին, ձերբակալեալներուն մեծ մասը, երկար հարցաքննութիւններէ ետք ազատ արձակեց, բայց մերժեց ազատ արձակել Զարաքօլուն ու Էրսանլըն։ Երկուքն ալ դիտել տուին, որ իրենք անմեղ են ու իրենց մօտ գտնուած նօթագրութիւնները իրենց ակադեմական աշխատանքին համար են :




Փրոֆ. Թէոֆանիս Մալքիտիս կը յայտնէ թէԶարաքօլու այս շաբաթավերջին
հիւսիսային Յունաստանի Գա
վալա քաղաքը պիտի այցելէր
իր գիրքի շնորհանդէսին ներկայ գտնուելու համար


Ինչպէս հաղորդած էինք Երեքշաբթի օրուայ մեր թիւով, Հայկական Ցեղասպանութեան ճանաչման պաշտպան, մարդոց իրաւունքներու յանդուգն պայքարող հրատարակիչ Ռակըպ Զարաքօլու ձերբակալուեցաւ անցեալ Շաբաթ օր: Թուրքիոյ իշխանութիւնները այս անգամ Քիւրտիստանի բանուորական կուսակցութեան հետ կապեր ունենալու ամբաստանութիւն ուղղեցին Զարաքօլուի հասցէին: Զարաքօլուի հետ հսկողութեան տակ առնուած անձերէն՝ փրոֆ. Պիւշրա Էրսանլըի մասին, որ «Մարմարա» համալսարանին մէջ դասախօս է եւ անդամ՝ քրտամէտ Խաղաղութիւն եւ ժողովրդավարութիւն կուսակցութեան:
Զարաքօլու իր ինքնապաշտպանութեան մէջ ըսաւ որ «Ես կը մտածեմ, որ այս ամբաստանութիւնն ալ ահաբեկչութեան տեսակ մըն է. մենք պարզապէս մասնակցած ենք օրինաւոր կուսակցութեան մը օրինաւոր հաւաքներուն։ Կ՛երեւի, թէ մեզի դէմ լարուած ծուղակ մը կայ այստեղ», ըսաւ Զարաքօլու, որ աւելցուց «Կը յուսամ, որ դատարանը զիս պիտի չբաժնէ իմ գիրքերէս»։
Ինչպէս մեզի տեղեկացուց մեր թերթի աշխատակից փրոֆ. Թէոֆանիս Մալքիտիս, Ռակըպ Զարաքօլու հրաւիրուած էր այս շաբաթավերջին հիւսիսային Յունաստանի Գավալա քաղաքը այցելելու, ուր նախատեսուած էր իր ներկայութիւնը փրոֆ. Մալքիտիսի եւ Սայիթ Չեթինօղլուի հետ համագործակցաբար հրատարակուած նոր գիրքի շնորհանդէսին:
Թուրքիոյ հրատարակիչներու միութիւնը, Մարդկային իրաւունքներու միութիւնը եւ Ժամանակակից իրաւագէտներու միութիւնը հաղորդագրութիւններ հրատարակած են ու կը պահանջեն, որ Զարաքօլու անմիջապէս ազատ արձակուի։
Փրոֆ. Թէոֆանիս Մալքիտիս եւս, հետեւեալ գրութիւնը յղած է, նոյն պահանջը ներկայացնելով


Keine Kommentare:

Kommentar veröffentlichen